image

Ռուբէն Ռուբինեան եւ Թոյվօ Քլաար քննարկած են ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Ռուբէն Ռուբինեան եւ Թոյվօ Քլաար քննարկած են ՀՀ-ԵՄ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան ապրիլ 22-ին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

Հանդիպման ներկայ եղած է ՀՀ-իի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:

Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող հարցեր: