image

ՌԴ խաղաղապահները մարդասիրական բեռ կը հասցնեն Լեռնային Ղարաբաղ

ՌԴ խաղաղապահները մարդասիրական բեռ կը հասցնեն Լեռնային Ղարաբաղ

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորները Ստեփանակերտ հասցուցած են աւելի քան 9 թոն մարդասիրական բեռ Լեռնային Ղարաբաղի կարիքաւոր բնակիչներուն եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն համար: Մարդասիրական բեռը հաւաքուած էր Մոսկուայի մէջ բարեգործական կազմակերպութիւններուն կողմէ եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Իլ-76» ինքնաթիռով տեղափոխուած էր Երեւան, ուրկէ ալ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կազմով հասցուած էր Ստեփանակերտ:

Մարդասիրական օգնութեան շրջանակին մէջ 5 հազար երեխայի համար նախատեսուած են ամանորեայ խաղալիքներ, գոյք՝ մանկապարտէզներու համար, անկողնային պարագաներ, հագուստ, կօշիկներ, դպրոցական պարագաներ:  Խաղաղապահները պիտի համակարգեն ու ապրանքները հասցէական բաշխեն: