Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին այսօր` Երկուշաբթի, երկօրեայ այցով Թեհրանէն մեկնած է Տոհայ` մասնակցելու Կազի գագաթաժողովին:
Իր մեկնելէն առաջ ունեցած ելույթին մէջ Ռաիսին ըսած է, որ «այցը քայլ է դէպի Ծոցի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ախշուժացման եւ այդ երկիրներու ներուժը օգտագործելու ուղղութեամբ», յաւելելով, որ «Քաթարի հետ ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կարեւոր է»:
Ընդգծելով, որ Իրանը կազ արտադրող եւ արտահանող երեք կարեւորագոյն երկիրներու շարքին է, ան յոյս յայտնած է, որ «այս այցը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ Պարսից ծոցի երկիրներու եւ տարածաշրջանին միջեւ քաղաքական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ»:
Ռայիսի ըսած է, որ այս այցը պատասխան է Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պըն Համատի պաշտօնական հրաւէրին` նպատակ ունենալով ընդլայնել երկկողմ յարաբերութիւնները եղբայրական եւ բարեկամ Քաթարի հետ եւ մասնակցիլ աշխարհի կազ արտահանող երկիրներու գագաթաժողովին:
Իրանի նախագահը համարած է, որ «այս այցի ընթացքին քննարկուող միջոցառումներու շարքին են տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներում մէջ յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը կազ արտադրող եւ արտահանող երկիրներու համաժողովի ծիրին մէջ:
Իսկ գագաթաժողովի մեկնարկէն առաջ Իրանի ճանապարհներու եւ զարգացման նախարար Ռոսթամ Քասեմին հաստատած է իր քաթարցի գործընկերոջ հետ բանակցութիւնները՝ երկու երկիրներու նաւահանգիստներուն միջեւ կանոնաւոր նաւագնացութիւններու մեկնարկին շուրջ: