Իրանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը հերքած է Fars գործակալութեան հրապարակումը Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանման պատճառներու մասին։
«Fars գործակալութեան այն տեղեկութիւնը, որ ուղղաթիռի կործանման գործօններէն մէկը եղած է եւս երկու ուղեւորի առկայութիւնը, հակառակ անվտանգութեան արձանագրութիւններուն, ինչի պատճառով ուղղաթիռը բաւարար ուժ չէ ունեցած անհրաժեշտ բարձրութիւնը հաւաքելու համար, սուտ է», - ըսուած է գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Fars յայտնած էր, որ ինքնաթիռի կործանման պատճառը եղանակային պայմաններն էին եւ որ ուղեւորներու թիւը գերազանցած էր սահմանաչափը, ուղղաթիռը չէ կարողացած անհրաժեշտ բարձրութիւն հաւաքել եւ մառախլապատ պայմաններու պատճառաւ բախուած է սարին։
Յիշեցնենք, որ 19 մայիսին, նախագահ Ռայիսին, արտաքին գործոց նախարար Ապտոլլահիանը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները տեղափոխող ուղղաթիռը «կոշտ վայրէջք» կատարած էր Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգը, որու հետեւանքով ուղղաթիռի անձնակազմն ու բոլոր ուղեւորները մահացած էին։