Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը յայտարարած է, որ հայ քաղաքական գործիչ Նարեկ Կարապետեանը երբեւէ չէ ունեցած Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիութիւն։ Այդ մասին ան ըսած է Մոսկուայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։
Անոր խօսքով՝ շարք մը հայ քաղաքական գործիչներու վերաբերեալ կը տարածուի անարժանահաւատ տեղեկատվութիւն։
«Նարեկ Կարապետեանը, որ կը գլխաւորէ «Ուժեղ Հայաստանի» նախընտրական ցուցակը, երբեք չէ ունեցած ռուսական քաղաքացիութիւն, սակայն պնդումներ կ՚ըլլան, թէ ան իբր ունեցած է եւ ունի այն»,- նշած է Կալուզինը։