image

ՌԱԿ-էն գոյժ. Մահացած է կուսակցութեան նուիրեալներէն Իրմա Տէր Ստեփանեանը

  ՌԱԿ-էն գոյժ. Մահացած է  կուսակցութեան նուիրեալներէն Իրմա Տէր Ստեփանեանը

ՌԱԿ-եան շրջանակներ օրերս գուժած են կուսակցութեան նուիրեալ անդամուհիներէն եւ երկար տարիներ պատասխանատու պաշտօն ստանձնած Իրմա (Հեղինէ) Տէր Ստեփանեանի կորուստը։ 

 

 Այս մասին իմացանք համացանցէն։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ Ռամկավար Մամուլի մէջ տեղադրուած մահագրութիւնը։

 

 Յարգանք իր վաստակին յուսալով, որ իր դաւանած գաղափարները գրկող կուսակցութիւնը շուտով կը թօթափէ ամէն տեսակի խնդիրները եւ դարձեալ միասնական ոգիով կը բռնէ ծառայութեան անաղարտ ճամբան։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ Ռ.Ա.Կ.-ի բազմամեայ անդամներէն, Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, վաստակաշատ եւ հաւատաւոր Ընկ. Իրմա (Հեղինէ) Տէր Ստեփանեանին (Ծնեալ՝ 1938, Դամասկոս) մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022-ին, ուղեղային կաթուածի իբրեւ հետեւանք, Նիւ Ճըրզիի մէջ։

Ողբացեալ Ընկ. Իրման դուստրերէն մէկն է հանրածանօթ յօդուածագիր, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ Ընկ. Միհրան Տէր Ստեփանեանին: Մասնագիտութեամբ իրաւաբանուհի էր:

Որպէս Ռ.Ա.Կ.ի գաղափարական արժէքներ դաւանող ու հաւատաւոր զինուորագրեալ, հանգուցեալ ընկերուհին, մանաւանդ օգտուելով իր մասնագիտական հմտութենէն, կուսակցութեան ճամբով իր արժէքաւոր ներդրումը ունեցաւ հայ ազգային կեանքի շինութեան մէջ եւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Բացի ազգային նշանակութեան բազմամեայ ծառայութիւնները, ունեցած է նաեւ հասարակական գործունէութիւն: Եղած է շատ հեղինակաւոր, ամերիկեան «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանի յատկացումը տնօրինող մարմնի միակ հայ անդամը, եւ իր ճիգերու շնորհիւ է, որ շատ մը հայեր արժանացած են այդ շքանշանին (Շքանշանը կը նշէ ամերիկեան կեանքի այլազանութիւնը եւ կը մեծարէ այնպիսի անհատներ, որոնք կարելիութիւններ կ՛ընծայեն տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներուն ինքնութիւնը պահպանելու եւ միաժամանակ զանոնք ամերիկեան կեանքին մէկ մասնիկը դարձնելու):

Ան նաեւ եղած է Նիւ Եորքի Գարակէօզեան հիմնադրամի աջակցութեամբ, 1992-ին Երեւանի մէջ ստեղծուած Հ. Գարակէօզեան Բժշկական Բարեգործական Հասարակական Կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովի անդամ:

Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի քրոջ, ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղեցի։

 

 

Յարգանք իր վաստակին յուսալով, որ իր դաւանած գաղափարները գրկող կուսակցութիւնը շուտով կը թօթափէ ամէն տեսակի խնդիրները եւ դարձեալ միասնական ոգիով կը բռնէ ծառայութեան անաղարտ ճամբան։