image

«Քովիտի տագնապ» Իրանի մէջ. Մէկ օրուայ մէջ 100 քաղաքացի մահացած է

«Քովիտի տագնապ» Իրանի մէջ. Մէկ օրուայ մէջ 100 քաղաքացի մահացած է

Իրանի մէջ մէկ օրուան մէջ «Քովիտ»էն մահացած է 100 քաղաքացի, այսպիսով մահերուն թիւը հասած է 128.734-ի: 

Երկրին մէջ վերջին 24 ժամերուն գրանցուած է 5784 նոր դէպք, որմէ 893-ը հիւանդանոց փոխադրուած է:

Իրանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ գրանցուած ընդհանուր 6.069.559 դէպքէն առողջացած է 5.759.378-ը:

3431 բուժառու ծայրայեղ ծանր վիճակին մէջ բուժում կը ստանայ:

Իրանի մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստանիւթի առաջին չափաբաժինը ստացած է արդէն 56.383.179 քաղաքացի, երկրորդ չափաբաժինը արդէն ստացած է 44.051.743 իրանցի: Իսկ 705.196 իրանցի արդէն ստացած է երրորդ չափաբաժինը: