«Մեզի ընդամէնը 100 օր կը պակասի հաւաքական դիմադրողականութեան հասնելու համար, այլ կերպ ըսած՝ Սպանիոյ մէջ պատուաստուած բնակչութեան 70-տոկոսանոց ցուցանիշ գրանցելու համար»,-նշած է վարչապետը: «Մենք կը գտնուինք համավարակի նոր փուլի մէջ,-ըսած է Սանչեսը:-Պատուաստման շնորհիւ մենք կրնանք սկսիլ այդ աղէտի յաղթահարումը, որ կը համարուի մարդկութեան համար վերջին 100 տարուան ընթացքին ամենավատը:
Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ ներկայիս արդէն 47-միլիոնանոց երկրի չափահաս բնակչութեան մէկ երրորդը ստացած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի առնուազն մէկ չափաբաժին:
Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման ամբողջ ընթացքին գրանցուած է վարակման աւելի քան 3,5 միլիոն դէպք, շուրջ 78,8 հազար հիւանդ մահացած է: Նախորդ տարուան հոկտեմբերի վերջը կառավարութիւնը երկրին մէջ սահմանած էր բարձր պատրաստուածութեան ռեժիմ, որու ժամկէտն աւարտած է ընթացիկ տարուան 9 մայիսին: 2020 թուականի 27 դեկտեմբերին երկրին մէջ մեկնարկած է պատուաստումներու գործընթացը: