Սպանիան փակած է իր օդային տարածքը Իրանի վրայ յարձակումներուն ներգրաւուած ԱՄՆ օդանաւերու համար: Այս մասին յայտնած է սպանական El Pais թերթը։
Օդային տարածքի փակումը, որ կը ստիպէ ռազմական օդանաւերը շրջանցելու ՆԱԹՕ-ի անդամ Սպանիան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրենց թիրախներուն հասնելու ճանապարհին, չի ներառեր արտակարգ իրավիճակները, աւելցուցած է El Pais-ը։
«Այս որոշումը Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ արդէն իսկ կայացուած այն որոշման մէկ մասն է՝ չմասնակցիլ կամ չնպաստել պատերազմի մը, որ սկսած է միակողմանիօրէն եւ կը հակասէ միջազգային իրաւունքին»,- ըսած է տնտեսութեան նախարար Քարլոս Քուերփոն, երբ անոր հարցուցած են՝ արդեօք Սպանիոյ օդային տարածքը փակելու որոշումը կրնայ վատթարացնել յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ։
Յիշեցնենք, որ Սպանիոյ վարչապետ Փետրո Սանչեսը Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներու ամենաաշխուժ քննադատներէն մէկն է՝ ատոնք բնութագրելով որպէս անխոհեմ եւ անօրինական։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած է դադրեցնել առեւտուրը Մատրիտի հետ՝ պատերազմին Սպանիոյ ռազմակայաններէն օգտուելու հնարաւորութիւնը ԱՄՆ-ին մերժելու պատճառով։