image

ԱՄՆ-ն եւ Սպանիան օդային յարձակման սպառնալիքի լոյսին տակ փակած են Քիեւի մէջ դեսպանատները

ԱՄՆ-ն եւ Սպանիան օդային յարձակման սպառնալիքի լոյսին տակ փակած են Քիեւի մէջ դեսպանատները

Միացեալ Նահանգները ժամանակաւորապէս փակած է Քիեւի մէջ իր դեսպանատունը՝ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի ուղղութեամբ սպասուող օդային հարուածի սպառնալիքի պատճառով։ Այս մասին ըսուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։

Սպանիան, հետեւելով ԱՄՆ օրինակին, մէկ օրով փակած է Քիեւի մէջ իր դեսպանատունը՝ անվտանգային իրավիճակի հետ կապուած հնարաւոր սպառնալիքներու պատճառով: Այս մասին գրած է 24tv.ua կայքը:

«Քիեւի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը յստակ տեղեկատւութիւն ստացած է նոյեմբեր 20-ին հնարաւոր խոշոր օդային հարուածի մասին։ Որպէս կանխարգելիչ միջոց՝ դեսպանատունը պիտի փակուի, իսկ դեսպանատան աշխատակիցներուն պիտի տրուին ցուցումներ տեղւոյն մէջ ապաստանելու համար։ Դեսպանատունը խորհուրդ կու տայ ԱՄՆ քաղաքացիներուն օդային յարձակման պարագային պատրաստ ըլլալ անյապաղ ապաստարան տեղափոխուելուն»,- ըսուած է ԱՄՆ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։

Սպանիոյ դիւանագիտական առաքելութիւնը Քիեւի մէջ իր դեսպանատունը փակելու մասին փոսթով տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ մէջ բնակող թագաւորութեան քաղաքացիներուն։ Դեսպանատունը խորհուրդ տուած է սպանացիներուն զօրացնել անվտանգութեան միջոցները, ինչպէս նաեւ «հետեւիլ տեղական իշխանութիւններու բոլոր առաջարկութիւններուն» եւ պատկերացում ունենալ ապաստանի գտնուելու վայրի մասին։

Մինչդեռ korrespondent.net-ը գրած է, որ գիշերը Քիեւի մարզին մէջ օդային յարձակման նախազգուշացումը տեւած է աւելի քան 11 ժամ։ Տարածքին մէջ աշխատած են հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը։