Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Լիբանանեան արուեստի նշանաւոր դէմքերէն մէկը՝ դերասան, գրող եւ բեմադրիչ Ժորժ Խապպազ, 8 Մայիս 2026-ին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ուր աշակերտութեան հետ ունեցաւ մշակութային ու կրթական բացառիկ հանդիպում մը։
Օրուան ընթացքին, վարժարանը վերածուած էր արուեստի, մտորումի եւ ոգեշնչումի հարթակի։ Հանդիպումին ներկայ էին բարձր կարգերու աշակերտները, ուսուցչական կազմի եւ վարչական անձնակազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստի։
Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած տեսերիզ-զեկոյց մը, ներկայացնելով Ժորժ Խապպազի արուեստի հարուստ ուղին եւ ստեղծագործական վաստակը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Հաւարեան, որ նաեւ ներկայացուց օրուան ամբողջ յայտագիրը։
Մեսրոպեանի աշակերտները գեղարուեստական բարձր մակարդակով բեմադրեցին պատառիկներ Խապպազի թատերական ու գրական գործերէն։ «Ma' el Wa'et... Yimken» թատերախաղէն «Մօր վերադարձը» տեսարանը ներկայացուցին Ռիթա Փէփէեան եւ Հրակ Թառայեան, իսկ «Halla' Wa'ta» թատերախաղէն «Զինուորին արձանագրութիւնը» տեսարանը մատուցեցին Սագօ Նազլիկեան եւ Ճորճիօ Մըշաքա։
Աշակերտ Սարգիս Ճըռնեզեան ասմունքեց «Bhebbak» քերթուածը, մինչ Նայիրի Արնէլեան տուտուկի նուագակցութեամբ ներկայացուց «Hkayet Watan» բանաստեղծութիւնը՝ յուզիչ մթնոլորտ ստեղծելով սրահին մէջ։
Հանդիպման առանցքային բաժինը հարցուպատասխանն էր, ուր Ժորժ Խապպազ իր յատուկ անմիջականութեամբ եւ սրտբացութեամբ զրուցեց աշակերտներուն հետ՝ անդրադառնալով իր կեանքի փորձառութիւններուն, արուեստի դերին, երիտասարդութեան պատասխանատուութեան եւ Լիբանանի հանդէպ ունեցած իր սիրոյն։
Արուեստագէտը խոր զգացուածութիւն յայտնեց հանդիպումին առիթով եւ բարձր գնահատեց աշակերտներուն պատրաստուածութիւնն ու խորիմաստ հարցումները։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ․
«Հպարտ եմ, որ իմ երկրիս մէջ կան Մեսրոպեանի նման դպրոցներ, որոնք ուսման կողքին նոր սերունդը կը դաստիարակեն մարդկային բարձր արժէքներով եւ գեղեցիկին ու բարիին հանդէպ խոր հաւատքով»։
Խապպազ նաեւ շեշտեց, թէ նման կրթական միջավայրերը յոյս կը ներշնչեն, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր երթը արուեստի, սիրոյ եւ ազատութեան ճանապարհով՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու պատերազմներուն։
Հանդիսութեան աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Ռոպէր Թորանեան, իսկ աշակերտ Սերժ Քիւրտեան մեծարելի հիւրին նուիրեց իր հեղինակած նկարչական գործերէն մէկը։
Տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ժորժ Խապպազի արուեստն ու մարդկային պատգամը՝ նշելով, որ ան տարիներու տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ դարձած է Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ամենասիրուած արուեստագէտներէն մէկը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներ Ատհամ Տիմաշքիին եւ Ռոպէր Թորանեանին՝ հանդիպումը կազմակերպելուն համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց աշակերտներուն նուիրուած մասնակցութիւնը։
Ի նշան երախտագիտութեան, տնօրէնութիւնը Ժորժ Խապպազին յանձնեց վարժարանի պատուանշանը, իսկ հանդիպումը աւարտեցաւ վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ արուեստագէտի յուշագրութեամբ։




