«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան դէմ հայց ներկայացուցած է դատարան։ Կուսակցութեան կարծիքով՝ հեռուստաընկերութիւնը զրպարտութիւն տարածած է՝ լուրերու թողարկման մէջ նշելով, որ ընդդիմութեան միասնական թեկնածուն Ռոպերթ Քոչարեանն է։ Այս մասին հաղորդած է Հետքը։
Մասնաւորապէս՝ ըստ հայցադիմումի, զրպարտութիւնը տեղ գտած է Առաջինի լրատուական հեռուստաալիքով 2026-ի մայիս 3-ին, ժամը 21:00-ին հեռարձակուած «Կիրակնօրեայ լուրեր» թողարկման շրջածիրէն ներս։
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը պահանջէ պարտաւորեցնել «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն»ը, հայցը բաւարարուելու մասին դատական որոշումն օրինական ուժի մէջ մտնելէ անմիջապէս ետք, «Հանրային հեռուստաընկերութիւնը զրպարտել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեանը» խորագրի ներքոյ հրապարակայնօրէն հերքել զրպարտութիւն համարուող տեղեկութիւնները հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«2026 թուականի մայիսի 3-ին, ժամը 21:00-ին հեռարձակուած «Կիրակնօրեայ լուրեր» թողարկման շրջանակներում հրապարակուել են կեղծ տեղեկութիւններ այն մասին, որ ընդդիմութեան վարչապետի միասնական թեկնածուն Քոչարեանն է: Յայտնում ենք, որ դա չի համապատասխանում իրականութեանը եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանն է»:
Նշենք, որ հայցը դատարան ներկայացուած է երէկ՝ 2026թ. մայիսի 15-ին եւ դեռ վարոյթ ընդունելու հարցը որոշուած չէ։ Գործը մակագրուած է դատաւոր Գոհար Գրիգորեանին։