image

Քուէյթի մէջ. Առաջին անգամ ըլլալով հայ հեղինակ՝ Կիրակոս Գույումճեանի հատորը կ՚արժանանայ տեղական մեծ պատիւի (Լուսանկար)

Քուէյթի մէջ. Առաջին անգամ ըլլալով հայ հեղինակ՝ Կիրակոս Գույումճեանի հատորը կ՚արժանանայ  տեղական  մեծ պատիւի (Լուսանկար)

 

Օրերս Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի արաբերէնով հեղինակած՝ «Երթս երկաթին հետ» հատորը ներկայացուած է Քուէյթի «Արտ Ալ Մաարէտ» մեծ վարկանիշ ունեցող գիրքերու տօնավաճառ-ցուցահանդէսին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթէն։

 

 Կը նշուի, չորեքշաբթի 22 Նոյեմբեր 2023ին, բացուած ցուցահանդէսը 46րդ տարբերակն էր եւ կը կրէր «Իւրաքանչիւր հետաքրքրութիւնդ ունի իր իւրայատուկ գիրքը» նշանաբանը։,

Ուշագրաւ էր նաեւ որ Քուէյթի կառավարութեան բարձր հովանաւորութիւնը վայելող այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ 11000 նորատիպ հատոր, որոնց շարքին ալ մեր հայրենակից՝ Կիրակոս Գույումճեանի նորատիպը, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր անցնող ամառ քաղաքամայր՝ Երեւանի մէջ։

Գիրքի ներկայացման առթիւ տեղի ունեցաւ  կոկիկ միջոցառում մը, որուն ընթացքին ալ խօսքով հանդէս եկաւ հեղինակ եւ հրապարակախօս՝ կիրակոս Գույումճեանը։

Գույումճեան, իր խօսքին մէջ խորին երախտագիտութին յայտնեց, կազմակերպիչ մարմնին ու բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց խնդակցութիւնը յայտնելու, սոյն գրքի անդրանիկ ընծայման ուրախ առիթով։

Միջոցառման ներկայ էին քուէյթահայ աշխարհիկ թէ կրօնական դասու ներկայացուցիչներ եւ աւարտին 

շարք մը քուէյթեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հարցազրոյցներ ունեցան հեղինակին հետ, ինչպէս «Ալ Անպաը», «Ալ Սիասէ», «Ալ Ճարիտէ» եւ «Ալ Ուասաթ» թերթերը, որոնք գեղեցիկ կերպով արձագանգեցին իրենց պաշտօնական էջերուն վրայ։

Տեղին է նշել, որ 13 գլուխներէ բաղկացած այս գնահատելի աշխատասիրութեամբ, հեղինակը յաջողեցաւ շունչ, հոգի ու մարմին տալ, անշնչացած մետաղին՝ երկաթին, գեղեցիկ կերպով անոր գովքը հիւսել ու սիրուհիի մը նման սիրահարիլ անոր։

Արհեստական բանականութեան այս արագընթաց դարաշրջանին մէջ, նման գիրքի մը հրատարակութիւնը անկասկած, որ խիզախութիւն ու յանդգնութիւն կ’ենթադրէ։ Պրն. Կիրակոս այսօր հանրութեան դատին կը յանձնէ իր նորատիպ հատորը, հարստացնելով՝ պատմական ժառանգութիւն ունեցող, արաբական գրականութեան անդաստանը։

Ան առաջին հայ հեղինակն է, որ արաբերէն լեզուով հրատարակած է, նմանօրինակ գիրք մը, որ ցուցադրուեցաւ այսպիսի միջազգային ցուցահանդէսի մը մէջ։