Միացեալ Թագաւորութեան ծովային առեւտրական գործողութիւններու գրասենեակը (UKMTO) հաղորդած է Քուէյթի ափերուն մօտ գտնուող լցանաւի վրայ տեղի ունեցած պայթումի մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը։
Պայթումի հետեւանքով Պարսից ծոցին մէջ կայանած լցանաւէն սկսած է նաւթի արտահոսք։
Կը հաղորդուի, որ միջադէպին հետեւանքով տուժածներ չկան, սակայն նաւթի արտահոսքին պատճառով շրջակայ միջավայրը որոշ վնաս պիտի կրէ։
Քուէյթի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է երկրի տարածքային ջուրերէն դուրս՝ Մուպարաք ալ-Քապիր նաւահանգիստէն առնուազն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։