Նիճերիայի մէջ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի ֆոնին սով սկսած է։ Երկրին մէջ միլիոնաւոր մարդիկ յայտնուած են գոյատեւման խնդրի առաջ։ Քաղաքացիները ստիպուած են գրոհել պահեստներու եւ խանութներու վրայ, ուր որեւէ մթերք մնացած է: Պատճառը կառավարութեան որոշումն է՝ արգիլելու երկրի առեւտուրի կէտեր մթերք մատակարարող ընկերութիւններու աշխատանքը։ Այս մասին կը յայտնէ Ateo Breaking-ը։
Իշխանութիւնները կը կարծեն, որ նման արգելքը կը կանխէ ժահրի տարածումը։
Աւելի վաղ ՄԱԿ-ը յայտնած էր, որ եկող տարին պիտի ըլլայ աղէտալի։ Կազմակերպութեան տուեալներով՝ արդէն հիմա զինուած հակամարտութւններու եւ համավարակի պատճառով քաղցած է 270 մլն մարդ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել