image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու հետ բախման հետեւանքով սուրիացի երկու զինուոր զոհուած է

Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու հետ բախման հետեւանքով սուրիացի երկու զինուոր զոհուած է

Սուրիոյ Ռաքքա նահանգի Մաատան շրջանին մէջ նոյեմբեր 20-ի վաղ առաւօտեան սուրիական բանակի դիրքերու վրայ քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ու յարձակման հետեւանքով երկու զինուոր զոհուած է, կան նաեւ վիրաւորներ։

Այս մասին յայտնած է սուրիական SANA գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ տարբեր տեսակի զէնքերով ծանր հրետակոծութենէ ետք քրտական ուժերը գրաւած են քանի մը դիրքեր։

Բախումները տեղի ունեցած են քրտական ուժերու եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան ուժերու միջեւ լարուածութեան սրման լոյսին տակ․ շփման գօտիներուն վրայ աւելի քան տասը օր անընդմէջ փոխհրաձգութիւններ տեղի կ՚ունենան Մաատան քաղաքի մօտակայքը։