image

Թրամփ ետ կը կանչէ 30 դիւանագէտ, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը

Թրամփ ետ կը կանչէ 30 դիւանագէտ, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը որոշում կայացուցած է ետ կանչելու աշխարհի շուրջ 30 երկրի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն կատարող դեսպանները եւ բարձրաստիճան դիւանագէտները։ Այս մասին հաղորդած է Associated Press-ը՝ յղում ընելով Արտաքին գործոց նախարարութեան անանուն պաշտօնեաներու։

Ըստ աղբիւրի, 30-էն 29-ին տեղեկացուած է, որ անոնց պաշտօնավարման ժամկէտը պիտի լրանայ յունուարին։

Նշուած է, որ վերոնշեալ դիւանագէտները պաշտօնները ստանձնած են Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի օրօք:

Ամենամեծ թիւով ամերիկացի դեսպաններ ետ կը կանչուին Ափրիկէէն, ուր 13 երկրի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ​​առաքելութիւններու ղեկավարները ստացած են աշխատանքէ ազատման ծանուցումներ:

Ասիոյ մէջ Թրամփի վարչակազմը ետ կը կանչէ դեսպաններ վեց երկրէ, այդ շարքին՝ Վիեթնամէն եւ Ֆիլիփիններէն:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ալճերիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ գտնուող ամերիկացի աւագ դիւանագէտները ստացած են աշխատանքէ ազատման ծանուցումներ: 

Քատրային փոփոխութիւնները պիտի վերաբերին նաեւ Հայաստանի, Հիւսիսային Մակեդոնիայի, Չեռնոկորիայի եւ Սլովաքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն: Associated Press-ը հաղորդած է, որ այս դիւանագէտները պարտաւոր պիտի ըլլան վերադառնալ Ուաշինկթըն: