Այս գրառման հիմնական պատճառն այն է, որ Լիբանանի հայկական գաղութն այս օրերուն ունի երիտասարդ, նորաոճ եւ արդիական մտածողութեան տէր ղեկավարութիւն մը։ Ղեկ մը, ղեկավարութիւն մը, որ խտիր չի դնէր ու կը հաւատայ, որ իր հիմնական առանցքն ու թիրախային նպատակը առկայ միասնութիւնը պահպանելն է։ Ու այդ ոգին կրելով, է, որ ինչպէս տասնեակ դպրոցներ, օրերս ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը այցելած է Սահակ Լեւոն Մեկրտիչեան Գոլէճ։
Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝
Սա ոչ միայն դրական, այլ նաեւ այդ հրաշալի գաղութի «վաղուան օր»ը պահելու ու ապհպանելու հրամայական մըն է…Ճիշդ է, որ Սփիւռքի մէջ «Պերլինեան պատ»ը վաղուց փլած են, բայց այդ եղելութեան մասին ամէնօրեայ կերպով վերյիշեցում մը կատարելը օգտակար է բոլորիս համար։
Երկար-բարակ պիտի չգրեմ այն «ծանր» տարիներուն եւ մութ ու ամօթ բերող դէպքերուն մասին, որմէ անցած է Սփիւռքը եւ յատկապէս ՝ լիբանանահայութիւնը։ Սուտ չէին անշուշտ այն վերագրումները, որուն հիմքով ալ Լիբանանը դարձած էր (ու տակաւին այսօր ալ այդ գաղութը կը մաքառի իր դիրքն ու տեղը պահպանելու համար) Սփիւռքի միտքն ու սիրտը։ Եւ անշուշտ այդ բոլորին համար ու պատաճռով էր, որ այս տողերը գրողին ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցան ամեհի դէպքեր, լարումներ, բախումներ .. մէկ տան մէջ, մէկ հարազատութեան շուրջ, մէկ սեղանին շուրջ եւ մէկ մեծ ընտանիքին մէջ։ Այդ դէպքերը այսօր կը պատկանին անցեալին։ Կրնան ու պէտք է ըլլան տարակարծութիւններ ու տարբերութիւններ, ընելիքի, տեսակէտի եւ կարծիքի երկուութիւններ, բայց այդ բոլորը երբեք, ոչ մէկ առիթով պատճառօ պիտի դառնան հայութեան կեանքին մէջ երկուութիւն բերող դրդապատճառներ…։Անցեալին ներքին լարումները ունէին տեղական բնոյթ, յետոյ Սովետական աշխարհն էր իր Խորհրդայնացած Հայաստանով , ապա վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն ամէնէն արիւնոտ փուլերուն ու ծալքերուն մէջ հայութիւնը ունեցաւ մէկ ու միասանական տեսակէտ ու կեցուածք։
Այսօր դարձեալ մոխրագոյն ամպեր կան հայաշխարհին վերեւ, սակայն յուրախութիւն մեզի բոլորիս լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ մէկ ու միասնական (ցաւօք յաճախ խանգարող ձայներ եւս լսելի կը դառնան, բայց ազդեցիկ չեն ատոնք…)։
Իսկ այս գրառման հիմնական պատճառն այն է, որ Լիբանանի հայկական գաղութն այս օրերուն ունի երիտասարդ, նորաոճ եւ արդիական մտածողութեան տէր ղեկավարութիւն մը։ Ղեկ մը, ղեկավարութիւն մը, որ խտիր չի դնէր ու կը հաւատայ, որ իր հիմնական առանցքն ու թիրախային նպատակը առկայ միասնութիւնը պահպանելն է։
Ու այդ ոգին կրելով, է, որ ինչպէս տասնեակ դպրոցներ, օրերս ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը այցելած է Սահակ Լեւոն Մեկրտիչեան Գոլէճ։
Սա ոչ միայն դրական, այլ նաեւ այդ հրաշալի գաղութի «վաղուան օր»ը պահելու ու պահպանելու հրամայական մըն է…