image
Հրատապ լուրեր:

Ուիթքոֆն արդիւնաւէտ անուանած է Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւնները Ֆլորիտայի մէջ

Ուիթքոֆն արդիւնաւէտ անուանած է Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւնները Ֆլորիտայի մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆն արդիւնաւէտ անուանած է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցման հարցով Ֆլորիտայի մէջ վերջին օրերու բանակցութիւնները ամերիկեան, եւրոպական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններու միջեւ։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Reuters-ը, դեկտեմբեր 21-ին Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւի հետ հանդիպումէն ետք Ուիթքոֆը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական Ճարետ Քուշները դեկտեմբեր 22-ին հանդիպած են Ուքրանայէն եւ Եւրոպայէն ժամանած պաշտօնեաներու հետ, ապա արդէն առանձին հանդիպում ունեցած են ուքրանական պատուիրակութեան հետ, որ ղեկավարած է Ռուսթեմ Ումերովը։

Ուիթքոֆը X-ի էջին կատարած գրառման մէջ ինչպէս ուքրանական, այնպէս ալ աւելի վաղ ռուսական կողմի հետ բանակցութիւններն անուանած է «արդիւնաւէտ եւ կառուցողական»։ «Ռուսիան ամբողջութեամբ յանձնառու է՝ հասնելու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման։ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու ջանքերն ու աջակցութիւնը՝ կարգաւորելու ուքրանական հակամարտութիւնն ու վերահաստատելու համաշխարհային անվտանգութիւնը»,-աւելցուցած է ան։