image
Հրատապ լուրեր:

Դամասկոսի մէջ մասնակցութիւն «Ալ-Ուատի» զբօսաշրջութեան եւ պանդոկավարութեան մարզումի կեդրոնի բացման հանդիսութեան

Դամասկոսի մէջ մասնակցութիւն «Ալ-Ուատի» զբօսաշրջութեան եւ պանդոկավարութեան մարզումի կեդրոնի բացման հանդիսութեան

Օրերս, Դամասկոսի մէջ «Ալ-Ուատի» զբօսաշրջութեան եւ պանդոկավարութեան մարզումի կեդրոնի բացումը կատարուած է Բերիոյ Հայոց Թեմին պատկանող Ազգային Միացեալ Վարժարանի նախկին կառոյցէն ներս։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2025-ին, Դամասկոսի Մէջ «Ալ-Ուատի» զբօսաշրջութեան եւ պանդոկավարութեան մարզումի կեդրոնի բացման հանդիսութեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգային Միացեալ Վարժարանի նախկին կառոյցէն ներս։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկահայ ազգայիններ Սարգիս Քիւրտեան եւ Յակոբ Խաճարեան։

Կեդրոնին բացումը կատարուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար մեծարգոյ Մազէն ալ-Սալհանիի ձեռամբ։