Օրերս Երեւանի մէջ ուրախութիւն պատած է Թաշճեան-Մատարճեան ընտանիքները։
Նարինէն, որ ծնունդով Ռաքքայէն է իր սիրտը յանձնած է բնիկ Հալէպցի Քրիստ Թաշճեանին։
Սուրբ պսակի արարողութեան ներկայ եղած են երիտասարդ զոյգին ազգականները եւ ընկերներու լայն շրջանակը։
Մասնաւորապէս այսօր մեր հայրենիքը պատող ծանր եւ նոյնիսկ անորոշ մթնոլորտին սուրիահայ երիտասարդները, որոնք զիրար գտած են Երեւանի երկինքին տակ որոշած են իրենց կեանքը շարունակել հայրենի ափերուն։
Պատերազմէն, գաղթէն, դժուարութիւններէն յետոյ անոնք կարողացած են, ոչ միայն հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, այլ եւ այնպէս լծուիլ աշխատանքի ներգրաւուելով Հայաստանի մէջ հագուստ վաճառող մեծ հաստատութիւններու։
Բարի երթ եւ պայծառ երկինք կը մաղթենք նորապսակներուն։