image
Հրատապ լուրեր:

Վանգուվըր. Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի աստիճանի արժանացաւ

Վանգուվըր. Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի աստիճանի արժանացաւ

Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան Թորոնթոյի Համալսարանի Թրինիթի Քոլեճէն իր Աստուածաբանական Ուսմանց Մագիստրոսին արժանացած է։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան Թորոնթոյի Համալսարանի Թրինիթի Քոլեճէն իր Աստուածաբանական Ուսմանց Մագիստրոսին արժանացաւ։

Կիրակի օր, Վանգուվըրի ՀՅԴ երիտասարդաց միութիւնը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը պատուեցին Հայր Վարդանը։ Իր խօսքին մէջ, հայր սուրբը խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին՝ յատկապէս բարեսէր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք մշտապէս նեցուկ կը կանգնին դպրեվանքին, ուսանողական կեդրոններուն, վարժարաններուն, երիտասարդ համալսարանականներուն եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան ուսանողներու, համայնքայի կեդրոններուն եւ մեր հաստատութիւններուն։ Ան իր վկայականը նուիրեց ժողովուրդին՝ ընդգծելով, որ այս ձեռքբերումը միայն իրը չէ, այլ հաւաքական աշխատանքի եւ միասնական ջանքերու արդիւնքն է։