image

Քննարկումը եղած է ծաւալուն ու ոչ հեշտ. Փաշինեան՝ Ալիեւի հետ հանդիպման մասին

Քննարկումը եղած է ծաւալուն ու ոչ հեշտ. Փաշինեան՝ Ալիեւի հետ հանդիպման մասին

ՀՀ կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը, որ կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ է մեծ վճռականութիւն։ Այսօր ՀՀ կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` անդրադառնալով երէկ Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման։

«Մենք պիտի բոլորս հասկանանք, որ դա հեշտ չէ եւ պարզ չէ, հնարաւոր լուծումներն էլ ակնյայտ չեն։ Մենք պէտք է շարունակենք հետեւողական աշխատել, եւ կարծում եմ` անհրաժեշտութիւն է ու նաեւ մեր ժողովրդի ցանկութիւնն է, որ օր առաջ մեր տարածաշրջանում հաստատուի տեւական ու համապարփակ խաղաղութիւն։ Եւ մենք պէտք է աւելի ու աւելի շատ կեդրոնանանք այս խնդրի լուծման վրայ»,–ըսած է Փաշինեան։

Ան նաեւ նշած է, որ հանդիպումէն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն այլ մանրամասներ չի հաղորդեր, քանի որ անոնք արդէն համառօտ ներկայացուած են պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ։

«Հետագայում, եթէ կը լինեն մանրամասներ, առաջարկներ կամ թեմաներ, որոնք այնքան հասունացած կը լինեն, որ անհրաժեշտ լինի քննարկել կառավարութիւնում, հանրութեան հետ, քաղաքական ուժերի հետ, մենք դա, ի հարկէ, անպայման կ'անենք»,–ըսած է Փաշինեան:

Ինչ կը վերաբերի Պրիւքսէլի մէջ ընդունուած որոշումներուն, վարչապետը յայտնած է միայն, որ անոնք եղած են աշխատանքային բնոյթի։ Փաշինեան շեշտած է, որ քննարկումը եղած է ծաւալուն ու ոչ հեշտ։