Հակակոռուպցիոն դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Սարգիս Պետրոսեանի, «Մարտի 1»-ի գործով անցնող պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը բերման ենթարկելու որոշում կայացուցած է։
Այս մասին յայտնած է Հակափտածութեան դատարանի խօսնակ Արմինէ Նովրուզեանը։
««Մարտի 1-ի» գործով այսօրուան նիստին չի ներկայացել, դատարանը որոշում է կայացրել, որ յաջորդ դատական նիստին իրեն հարկադրաբար ներկայացնեն դատարան»,- նշած է ան։
Իսկ գործով յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յունիս 19-ին՝ ժամը 10։00-ին։
Յիշեցնենք, որ Սէյրան Օհանեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ ան, 2008 թուականին հանդիսանալով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետը, այլ անձանց հետ յանցակցութեամբ, տապալած է ՀՀ սահմանադրական կարգը։