image

Քիեւ կը պատրաստուի գրոհել Քուրսքի աթոմական կայանի ուղղութեամբ. Զախարովա

Քիեւ կը պատրաստուի գրոհել  Քուրսքի  աթոմական կայանի ուղղութեամբ. Զախարովա

Քիեւ յարձակում կը նախապատրաստէ Քուրսքի աթոմակայանին վրայ։ Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

«Մենք կոչ կ'ընենք միջազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ին եւ ՄԱԳԱՏԷ-ին (Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւն), անյապաղ դատապարտելու Քիեւի ռեժիմի կողմէ նախապատրաստուող սադրիչ գործողութիւնները եւ կանխելու Քուրսքի աթոմակայանի միջուկային եւ ֆիզիքական անվտանգութեան խախտումը, որ կրնայ յանգեցնել լայնածաւալ տեխնածին աղէտի Եւրոպայի մէջ»,-ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչն ընդգծած է, որ Քիեւի նման գործողութիւնները ոչ միայն ուղղակի սպառնալիք կը ստեղծեն աթոմակայաններու համար, այլ նաեւ կը խաթարեն միջուկային անվտանգութեան եւ ֆիզիքական միջուկային անվտանգութեան վերաբերեալ ՄԱԳԱՏԷ-ի դրոյթները, որոնք ձեւակերպուած են գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսիի կողմէ 2022 թուականին։

«Շարք մը տարածաշրջաններու եւ ընդհանուր առմամբ միջազգային հանրութեան ահաբեկման եւ անոնց նկատմամբ ահաբեկչութեան փորձերը պէտք է վճռականօրէն կանխուին համատեղ ջանքերով»,-յայտարարած է Զախարովա: