image
Հրատապ լուրեր:

Քիեւ Գերմանիայէն ռազմական աջակցութեան նոր փաթեթ ստացած է

Քիեւ Գերմանիայէն ռազմական աջակցութեան նոր փաթեթ ստացած է

Պերլինը պաշտօնապէս հաստատած է, որ Քիեւ IRIS-T հակաօդային պաշտպանութեան հերթական համակարգը մատակարարուած է։ Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալով՝ այն արդէն Ուքրանիոյ մէջ:

Գերմանիոյ ՊՆ ղեկավար Պորիս Փիսթորիուսը նշած է,որ խօսքը կը վերաբերի IRIS-T SLM-էն եւ IRIS-T SLS-էն բաղկացած համակցուած տեղակայման: «Շատ ժամանակակից եւ հաստատուած միջին ու կարճ հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր են, անմիջականօրէն գերմանական արդիւնաբերութենէն։ Նոր առաքուած Patriot համակարգի հետ այն կ՚ամրապնդէ Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը»,-ըսած է Փիսթորիուսը:

Նախապէս Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը Գերմանիայէն արդէն ստացած էր երեք IRIS-T SLM ՀՕՊ համակարգ եւ մէկ IRIS-T SLS համակարգ, ինչպէս նաեւ երկու Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ, կը յիշեցնէ AFP-ն։

Օրերս Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած էր ռազմական աջակցութեան նոր փաթեթի մասին, որ հիմնական ուղղուած է Ուքրանիոյ օդային տարածքի պաշտպանութեան: