Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ օրերս հերթական Սուրբ Պատարագ մատուցուած է։ Այս մասին կը կարդանք Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Ուրբաթ՝ 3 Դեկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 4։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թէմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ «Սիրտ Յիսուսի» նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։Պատարագի աւարտին Հ. Կ. Մ.-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան կողմէ ու օրուայ վիճակը բախտաւորուեցաւ Տիկին՝ Կիւլէն Սուլեան-Պետրճիկեանը։Հաւատացեալները ուրախ սրտով եւ հոգեպէս վերանորոգուած վերադարձան իրենց տուները։