Պոլսոյ համայնքային վարժարաններէն Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը, օրերս, իր երդիքին տակ խանդավառ ձեռնարկով մը հրաժեշտ տուած է վարժարանի 2024-2025 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներուն։
Դարաւոր վարժարանէն այս տարի շրջանաւարտ եղած է 11 աշակերտ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Համայնքային մեր վարժարանները 2024-2025 ուսումնական տարուայ պատմութիւնը կը գրեն իրենց շրջանաւարտութեան հանդէսներով եւ վկայականներու տուչութեամբ։ Գրեթէ ամէն օր վարժարանի մը երդիքին տակ հաւաքոյթ կայ, մեր տղաքը էջ մը կը փակեն իրենց կեանքի մէջ, պատրաստուելով նոր շրջափուլի մը։
Նախընթաց իրիկուն ժամադրավայրը Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանն էր։ Թաղային Խորհուրդն ու Տնօրէնութիւնը ձեռք ձեռքի տուած հոյակապ գիշեր մը պատրաստած էին վարժարանի այս տարուայ հունձքի համար։ 11 աշակերտ շրջանաւարտ կ'ըլլար դարաւոր վարժարանէն, կրելով «Թարգմանչացցի»ի պատիւը։
Գեղեցկօրէն զարդարուած պարտէզին մէջ պատրաստուած էին ճաշակաւոր սեղաններ։ Կապոյտ ու նարնջագոյն երանգները, որոնք վարժարանի խորհրդանիշը կը ցոլացնէին, տիրական էին ամենուրեք։ Վկայականներու հանդիսաւոր տուչութենէն առաջ ծնողները, հիւրեր ու հրաւիրեալներ դիտեցին տղոց այս տարուայ աշխատութիւններու ցուցահանդէսը, ապա առաջնորդուեցան սրահ, ուր սարքուեցաւ ընթացաւարտներու հանդէսը՝ թատերակներով ու երգերով համեմուած։
Խանդավառութիւնը տարբեր շուք մը ստացաւ այս անգամ պարտէզին մէջ։ Օրթագիւղի ընտանիքի անդամ է մեր համայնքին նահապետը, մեծանուն բարերար Հայկ Ասլանեան որ հակառակ իր պատկառելի տարիքին, երէկ հո՛ն էր, իր ոչ-արենակից, բայց հարազատ անդամներու հետ։ Թաղային Խորհուրդի անդամները, տնօրէնութիւնն ու մամլոյ ներկայացուցիչները նոյն սեղաններու շուրջ համախմբուած բաժնեկից եղան տղոց ուրախութեան։
Խնամեալ յայտագիր մը պատրաստուած էր։ Շրջանաւարտ դասարանի ուսուցիչները՝ Նորայր Քուշ եւ Լօրին Ագշահին-Պօղոսեան վարեցին յայտագիրը։ Տղաքը մի առ մի կանչուելով ծափերու տակ առաջնորդուեցան բեմ եւ արժանացան մեծարանքներու։ Տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին սրտախօսիկ հրաժեշտի խօսք մը արտասանեց տղոց ուղղեալ, ընդգծելով որ աշակերտները իրենց բոյնին մէջ ո՛չ միայն գիտելիք ամբարեցին, այլ նաեւ սորվեցան կարեւոր արժանիքներ որոնք են՝ ընկերութիւն, համբերութիւն, սէր, համագործակցութիւն եւ լայնախոհութիւն։ «Յուզուած ենք, որովհետեւ կը բաժնուինք իրարմէ։ Միաժամանակ կը հպարտանանք ձեր յաջողութիւններով։ Այսօր ձեր օրն է, մի մոռնաք որ այլեւս նոր ճամբայ մը ունիք ձեր առջեւ։ Յիշեցէք որ մենք միշտ այստեղ ենք եւ պատրաստ՝ ձեզ քաջալերելու եւ ձեզի օգնական ըլլալու», ըսաւ տնօրէնուհին։
Թաղային Խորհուրդի անունով արտայայտուեցաւ Պր. Սայաթ Տէլիճէ։ Անոր ելոյթը շնորհաւորութեան խօսք մը չէր միայն, այլ կերպով մը հաշուետուութիւն՝ ծնողներու եւ ներկաներու առջեւ, որովհետեւ կ'անդրադառնար համայնքային կեանքի առաջնահերթ նպատակներուն ու Թաղային Խորհուրդի գործունէութեան (այս ուղերձը թարգմանաբար պիտի հրատարակենք Երկուշաբթիի մեր թիւով, ներքին էջերուն վրայ)։
Հայկ Ասլանեանն ալ խօսք ունէր տղոց։ Ըսաւ որ 1936 թուականին, 6 տարեկան հասակին մէջ մուտք գործած էր Թարգմանչաց վարժարան, ուսման առաջին քայլերը առնելով դարաւոր այս կրթօճախի մէջ։ Շրջանաւարտ եղած էր, բայց քանի մը տարի յետոյ վերադարձած էր իր երկրորդ «տուն»ը, որպէս վարչային, որպէս հիմնադիր։ Մի՛ մոռնաք ձեր վարժարանը, ձեր ինքնութիւնը, ձեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, ըսաւ Հայկ Ասլանեան, յանձնելով լաւագոյն աշակերտի վկայականը։
Ծնողաց Միութիւնը, Սանուց Միութիւնը, Թաղային Խորհուրդը նուէրներ պատրաստած էին տղոց համար։ Ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ տղաքը օդ նետեցին իրենց գդակները, իրե՛նց պատմութիւնը գրելով վարժարանի հարուստ տարեգրութեան մէջ։
Ոգեւոր երգերն ու շուրջպարերը բազմապատկեցին բոլորի ուրախութիւնը, յետոյ կտրուեցաւ շրջանաւարտութեան ծաղը, իսկ յուզումը տիրական դարձաւ հրաժեշտի պահուն։ Ներկան այլեւս անցեալ էր, իսկ բազմաթիւ լուսանկարները՝ օրուայ «կենդանի» վկաները։