image

Քեսապի Մէջ Հայկական Զօրքեր Չկան. աղբիւր

Քեսապի Մէջ Հայկական Զօրքեր Չկան. աղբիւր

Քեսապի  մէջ հայկական  զօրքեր  գոյութիւն չունին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ     ներկայիս Քեսապ ապրող հայորդիներէ: Մեր  խօսակիցները նաեւ հաստատեցին, որ  եւ Քեսապի եւ անոր շրջակայից շրջաններուն մէջ     կան միայն  Սուրիոյ բանակի զինուորներ:   Նշենք, որ  լիբանանեան   կայքերէն մէկը  երէկ ապատեղեկատուութիւն կատարելով  եւ   հին  պատկեր մը հրապարակելով գրած էր, թէ   Քեսապի մէջ կան  հայկական  զօրքեր, որոնք մասնակցած են օրեր առաջ        Քեսապ- Լաթաքիա  (Քասթալ Մըհաֆ)   ճանապարհի    վերաբացման համար մղուած մարտերուն:  Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ    հայկական գիւղին մէջ   ընդհանուր   ապահովական իրավիճակը կը մնայ  կայուն  եւ գիւղացիները լծուած են իրենց առօրեայ աշխատանքներուն: