Քեսապի մէջ հայկական զօրքեր գոյութիւն չունին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ներկայիս Քեսապ ապրող հայորդիներէ: Մեր խօսակիցները նաեւ հաստատեցին, որ եւ Քեսապի եւ անոր շրջակայից շրջաններուն մէջ կան միայն Սուրիոյ բանակի զինուորներ: Նշենք, որ լիբանանեան կայքերէն մէկը երէկ ապատեղեկատուութիւն կատարելով եւ հին պատկեր մը հրապարակելով գրած էր, թէ Քեսապի մէջ կան հայկական զօրքեր, որոնք մասնակցած են օրեր առաջ Քեսապ- Լաթաքիա (Քասթալ Մըհաֆ) ճանապարհի վերաբացման համար մղուած մարտերուն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հայկական գիւղին մէջ ընդհանուր ապահովական իրավիճակը կը մնայ կայուն եւ գիւղացիները լծուած են իրենց առօրեայ աշխատանքներուն: