Քեսապի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական գիւղի աւագներէն՝ Գուրգէն Պէտիրեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը կը հանդիսանար քեռին մեր սիրելի ընթերցողներէն, քեսապահայ ճանչցուած գործարար Ստեփան Աբէլեանին, որ այս առթիւ ալ կատարած է հակիրճ գրառում մը։
Ստորեւ այդ գրառումը՝
Ոչ եւս է ՝Գուրգէն Նորիս Պետիրեանը։
Իմ Աննման և հերոս քեռին, որ առ յաւետ բաժնուեցաւ մեզմէ եւ իր յաւիտենական հանգիստը մտաւ։
Ծնեալ 1937 Քէօրքիւնէ՝ Քէսապ։
Խոր ցաւով կը բոլորուին իր գեղեցիկ յուշերուն և յիշատակին շուրջ` Պետիրեան, Աբէլեան, Աշգեան եւ Շահինեան ընտանիքները, Բարձրեալին ողորմութիւնը խնդրելով հանգուցեալի հոգիին։