image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապի մէջ. Գուրգէն Պետիրեանի կորուստը

 Քեսապի մէջ. Գուրգէն Պետիրեանի կորուստը

Քեսապի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական գիւղի աւագներէն՝ Գուրգէն Պէտիրեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը կը հանդիսանար քեռին մեր սիրելի ընթերցողներէն, քեսապահայ ճանչցուած գործարար Ստեփան Աբէլեանին, որ այս առթիւ ալ կատարած է հակիրճ գրառում մը։

Ստորեւ այդ գրառումը՝

Ոչ եւս է ՝Գուրգէն Նորիս Պետիրեանը։

Իմ Աննման և հերոս քեռին, որ  առ յաւետ բաժնուեցաւ մեզմէ եւ իր յաւիտենական հանգիստը մտաւ։

Ծնեալ 1937 Քէօրքիւնէ՝ Քէսապ։

Խոր ցաւով կը բոլորուին իր գեղեցիկ յուշերուն և յիշատակին շուրջ` Պետիրեան, Աբէլեան, Աշգեան եւ Շահինեան ընտանիքները, Բարձրեալին ողորմութիւնը խնդրելով հանգուցեալի հոգիին։