Քեսապէն մտահոգիչ լուրեր ստացանք։
«Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրէն իմացանք, որ գիւղին մէջ մեծ է թիւը «Քորոնա»ով վարակուածներ (նախնական տուեալներով կը խօսուի վարակեալի մասին, որոնց մէկ մասին վիճակը ծանր է ու մտահոգիչ)։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ վարակին հետեւանքով մահացած է 1940 թուականի ծնունդ ՝ Յակոբ Սիանոս Ճուրեանը։
Գիւղի պատկան մարմինները, որ երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր ճիգեր կը գործադրեն կանխելու համար համավարակին տարածումը ստիպուած եղած են առնուազն շաբթուան մը համար փակել համայնքի վարժարաններու դռները։
Կը նշուի նաեւ, որ շրջանին մէջ առհասարակ «Քովիտ»ի տարածումը ստացած է սուր բնոյթ, որուն հետեւանքով ալ շրջանի հիւանդանոցները դարձած են անկարող նոր հիւանդներ ընդունելու։
Այդ պատճառով ալ Քեսապի պատկան մարմինները ստիպուած եղած են գիւղին մէջ գրանցուած ծանր պարագաները ուղարկել դէպի Սուրիոյ այլ շրջաններ, օրինակի համար ՝ Թարթուս։
Կը մնայ յուսալ, որ Քեսապի մեր հայրենակիցները զգոյշ ըլլան եւ հետեւին հայաւանի պատկան մարմիններու թելադրանքներուն, կանխելու համար համավարակին սուր տարածումը։