image

Քատիրով կը խոստանայ «զբաղուիլ» այն երկիրներով, որոնք «Քորան» կը հրկիզեն

Քատիրով կը խոստանայ «զբաղուիլ» այն երկիրներով,  որոնք «Քորան» կը հրկիզեն

Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտարարած է, որ «Քորան»ի հրկիզման գործողութիւնները, որոնք կը շարունակուին եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներու մէջ, «իրավիճակը կը հասցնեն անվերադարձի կէտին», ան խոստացած է յատուկ ռազմական գործողութենէ յետոյ «զբաղիլ» այն երկիրներով, ուր կ'այրեն «Քորան»ը։

«Այսօր ողջ իսլամական աշխարհը կանգնած է աննախադէպ մարտահրաւէրի առջեւ։ Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ Սուրբ Քորանը այրելու շարունակական գործողութիւնները կանխատեսելիօրէն իրավիճակը կը հասցնեն անվերադարձի կէտին»,- գրած է ան իր թելեկրամեան ալիքով։

«Ես կոչ կ'ընեմ իսլամական պետութիւններու ղեկավարներուն արթննալու եւ ընելու հնարաւորը մեր կրօնը ցանկացած յանցաւոր ոտնձգութենէ պաշտպանելու համար։ Հակառակ պարագային շատ ուշ կ'ըլլայ»,- գրած է Քատիրով։

Անոր կարծիքով՝ բողոքի հաւաքներու մասնակիցներու ու կազմակերպիչներու անպատժելիութիւնը «իսլամներուն ցոյց կու տայ այսպէս կոչուած ժողովրդավարական պետութիւններու իրական վերաբերմունքն իրենց իրաւունքներուն նկատմամբ»։