2021 թուականի Մարտ ամսին Karabakh Honor անունով օգտատէրը իր եութուպեան ալիքով տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր յստակ կ'երեւի, որ վանտալիզմի կ'ենթարկուի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի Քարինտակի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին: Այս մասին կը գրէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը:
Տեսանիւթին մէջ յստակ կ'երեւի, որ ջարդուած ու կիսուած է եկեղեցւոյ խորանի Սուրբ սեղանը, եկեղեցւոյ ներսը տակնուվրայ եղած է, ատրպէյանցի զինուորականները ներս ու դուրս կը մտնեն եկեղեցի, կը բարձրանան խորանին վրայ, կ'անարգեն զայն, կը մտնեն աւանդատուները, որոնք եւս տակնուվրայ կատարուած է։
Բացի այդ, ակնյայտ է նաեւ, որ, ոտնահարելով քրիստոնէական կառոյցի ծիսական գործառոյթը, ատրպէյճանցի վանտալները մահմետական աղօթք կը հնչեցնեն քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ: Դատելով տեսանիւթէն, կևնանք եզրակացնել, որ Արցախի Քարինտակ գիւղին մէջ տեղակայուած է ատրպէյճանական զինուորական մեծ ստորաբաժանում, որու զինուորները կ'անարգեն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
Մեր արձագանգը
Համաձայն Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի Լահէյի ուխտի 4-րդ յօդուածի՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանտալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն։ Ըստ Լահէյի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան՝ արգիլուած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։ Լահէյի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը՝ ըստ 15-րդ յօդուածի, կ'որակէ որպէս միջազգային յանցագործութիւն։ Մշակութային արժէքներու ոչնչացման գործողութիւնները կ'արգիլուին նաեւ Ժընեւի 1949 թուականի Օգոստոս 12-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ միջազգային չորս ուխտերու եւ արձանագրութիւնների, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պայմանագրերու»։