Մատամ Տիւսոյի թանգարանը ցուցադրութենէն հանած է «ռեփ» կատարող, արտադրող եւ ձեւաւորող Քանյէ Ուեսթի մոմէ արձանը։ Այս մասին յայտնած է Mirror-ը։
Լոնտոնեան թանգարանի աշխատակիցները հանած են արձանը այն բանէ ետք, երբ հիւրերէն եւ այցելուներէն բողոքներ ստացած են:
Մատամ Տիւսոյի թանգարանի ներկայացուցիչը բացատրած է, որ արձանը ցուցադրութենէն հանուած է, քանի որ ղեկավարութիւնը ականջալուր է հիւրերու եւ հանրութեան ցանկութեան առ այն, թէ անոնք որու կը փափաքին տեսնել թանգարանին մէջ:
Քանյէ Ուեսթի մոմէ արձանը տեղադրուած է 2015 թուականին՝ անոր նախկին կնոջ՝ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի մոմէ արձանի հետ:
Քանյէ Ուեսթի «զանգուածային չեղարկումը» սկսած է անոր ցեղապաշտական եւ հակասեմական արտայայտութիւններէն ետք։ Վերջին մի քանի շաբաթուան ընթացքին adidas-ը, Gap-ը եւ Balenciaga-ն հրաժարած են համագործակցելէ աստղին հետ: