image

Իսրայէլական օդուժը Պէյրութի կեդրոնին մէջ բազմայարկ շէնք nչնչացուցած է

Իսրայէլական օդուժը Պէյրութի կեդրոնին մէջ բազմայարկ շէնք nչնչացուցած է

Իսրայէլական մարտական օդուժը ամբողջութեամբ ոչնչացուցած է բնակելի բազմայարկ շէնք Պէյրութի կեդրոնական հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող Պաշուրա թաղամասին մէջ:

«Ես չեմ գիտեր, թէ Իսրայէլին ինչը դուրեկան չէր այս շէնքին մէջ: Անոնք կը հարուածէին այս շէնքը նաեւ նախորդ պատերազմի ժամանակ՝ 2024-ին: Սա սովորական տուն է, ուր սովորական մարդիկ կ՚ապրէին»,- պատմած է ոչնչացուած շէնքի դիմացի սրճարանի աշխատակիցը:

Չորեքշաբթի գիշեր օդուժի կողմէ յարձակման ենթարկուած է նաեւ Պաշուրայի հարեւան թաղամասին մէջ գտնուող  տուն մը, որու հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է, եւ եօթը ստացած են վիրաւորումներ: