image
Հրատապ լուրեր:

Ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ի բացումը կատարուած է Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան երիտասարդական կեդրոնին

Ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ի  բացումը կատարուած է Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան երիտասարդական կեդրոնին

Օրերս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետած է Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլի գլխաւոր բարերարութեամբ ստեղծուած եւ անունը կրող Էնսինոյի Երիտասարդական նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան եւ բարերար ամոլին ու շրջանի հերթապահ Րաֆֆի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ հատած է նոր կեդրոնի բացման կարմիր ժապաւէնը: 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլի գլխաւոր բարերարութեամբ ստեղծուած եւ անունը կրող Էնսինոյի Երիտասարդական նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան եւ բարերար ամոլին ու շրջանի հերթապահ Րաֆֆի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ հատեց նոր կեդրոնի բացման կարմիր ժապաւէնը: 

Հրաւիրեալներու շարքին էին Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Էնսինոյի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, շրջանի ամերիկացի եւ հայ քաղաքական դէմքեր եւ պաշտօնատարներ, Հոգաբարձութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային կառոյցներու եւ յարակից միութիւններու անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: 

Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Կիտցինեան բարերար ընտանիքի եկեղեցաշէն ու հայանուէր գործունէութիւնն ու համայնքային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունեցող բոլոր ազգայիններուն ու բարերարներուն  հայապահպանման նպատակով ցուցաբերած ճիգն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, շնորհաւորեց նոր կեդրոնի ստեղծման գաղափարն ու զայն իրականացնող բոլոր կողմերուն նուիրուածութիւնը, ապա օրհնութեան խօսքերով բարի երթ մաղթեց նորաշէն կեդրոնի գործունէութեան՝ ի նպաստ համայնքային կեանքի առաւել զարգացման ու վերելքին: