Ամերիկայի նախագահական թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիս նամակ յղած է ամերիկահայութեան՝ շնորհաւորելով Հայաստանի Անկախութեան օրը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ դեմոկրատներու թեկանածուն նամակին մէջ յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու վերադարձի կարեւորութիւնը՝ նկատելով, որ այդ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնելու կարեւոր պայման է։
«Ես իմ լաւագոյն մաղթանքներս կը յղում ձեզի Հայաստանի Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ։ Սա այն օրն է, երբ հայ ժողովուրդը քուէարկեց Խորհրդային Միութենէն բաժնուելու ի նպաստ, ազատ ու անկախ ազգ մը ըլլալու համար։ Մենք սակայն երբեք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ սպաննուեցան։ Ատիկա ողբերգութիւն է, որ կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։
Ամերիկահայ համայնքի տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչումի աղբիւր՝ մեր հաւաքական ամերիկեան պատմութեան մէջ։ Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի ու դրացի երկիրներու միջեւ կայուն խաղաղութեան, հիմնուած՝ ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու՝ իրենց տուներ անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կենսական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը եւ տարածքաշրջանի մէջ կայունութիւնը վերականգնելու տեսակէտէ»,- նշուած է նամակին մէջ։
Քամալա Հարիսն իր նամակով նաեւ տեղեկացուցած է, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերու ուղղութեամբ։
«Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ ոգեշնչումի աղբիւր է մեր բոլորի համար՝ ազատութեան ու արդարութեան ճամբու վրայ։ Ես հաւատարիմ եմ մեր ազգերու միջեւ կապերը խորացնելու եւ գործընկերութիւնը խթանելու նպատակին, որ կը բարձրացնէ մեր ընդհանուր արժէքներն ու ձգտումները։
Միասին մենք կրնանք կառուցաել աւելի ապահով, աւելի արդար եւ ազատ աշխարհ մը»,- կ՚եզրափակուի Հարիսի՝ հայ համայնքին ուղղուած նամակը։