Թուրքիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Իպրահիմ Քալըն Ուաշինկթըն կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանի եւ պետական քարտուղարի՝ քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանդի հետ։
Ինչպէս յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը, Սպիտակ տան եւ Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումները ներառած են շարք մը արդիական հարցեր, այդ շարքին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացի քննարկում:
Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր: