image
Հրատապ լուրեր:

Պոսթընի մէջ. Սարհատ Գարակէօզեան զոհ գացած է արկածի

   Պոսթընի մէջ. Սարհատ  Գարակէօզեան զոհ գացած է արկածի

Արմատներով Լիբանանահայ Սարհատ Գարակէօզեանը  զոհ գացած է արկածի։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Կը նշուի, որ Սարհատ եղած է  մոթորսայքըլի վրայ, իսկ արկածը պատահած է օրեր առաջ՝  19  սեպտեմբերին։

 

 Իր շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած Սարհատ, նուիրեալ կուսակցական   էր եւ համայնքի տարբեր շրջանակներուն մէջ ալ փնտռուած երիտասարդ ուժ։

 Սարհատի մահը գուժած է նաեւ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, որուն կ՚անդամակցէր հանգուցեալը։

 Յիշեցնենք նաեւ, որ  35 տարեկան Սարհատ որդին է Լիբանանի ՀՅԴ  կառոյցին մէջ երկար տարիներ ծառայութիւն ունեցած Յարութիւն Գարակէօզեանին։

 

 Սարհատ Գարակէօզեանի  վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի  յառաջիկայ շաբաթ օր «Ուոթըրթաուն»ի Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։

 

 Ցաւակցութիւններ։