Պոլսահայ համայնքի ակնառու գործիչ՝ Պետրոս Շիրինօղլու արկածի ենթարկուած է. Ան կը կ՚անցնի բուժման փուլէ մը
Պոլսոյ հայկական համայնքի երեւելի անուններէն, համայնքային գործիչ՝ Պետրոս Շիրինօղլու արկածի ենթարկուելէ ետք կը բոլորէ բուժման փուլ մը։
Դէպքին մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Ստորեւ լուրը, մանրամասն՝
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Իտալիոյ մէջ անկումի մը հետեւանքով վիրաւորուած ու անմիջապէս վերադարձած է Պոլիս։ Ողնոսկրներէն մէկուն վրայ բեկում մը ախտորոշելով՝ բժիշկները որոշած են Երկուշաբթի վիրաբուժական գործողութիւն մը իրականացնել կատարեալ բուժումի համար։
Ամբողջական բուժում կը մաղթենք Պոլսահայ մեր հայրենակիցին։