image

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուած է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուած է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, օրերս, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով նախատօնակ կատարուած է եւ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր հայրական պատգամը ուղղած է ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Ս. Ստեփանոսին նախքան հոգին աւանդելը առ Աստուած արտասանած աղօթք-բարեխօսութիւնը. «Տէ՜ր, ներէ՛ իրենց այս մեղքը»։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 5.00-ին, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով նախատօնակ կատարուեցաւ եւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,  մասնակցութեամբ՝ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու սարկաւագներուն, որոնք քահանայական սաղաւարտներ կրելով սպասարկեցին Ս. Խորանին։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան: 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեցին՝ եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամներ, ղեկավարութեամբ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։ 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Ս. Ստեփանոսին նախքան հոգին աւանդելը առ Աստուած արտասանած աղօթք-բարեխօսութիւնը. «Տէ՜ր, ներէ՛ իրենց այս մեղքը»։ 

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով նահատակ սուրբի կենցաղին, մատնանշեց հետեւեալ նկարագրային կէտերը.-

ա) Ստեփանոս սիրող եւ ծառայող անձնաւորութիւն էր։ Ան Քրիստոսի սիրով լեցուած եւ ուրիշներուն ծառայութեան լծուած էր, յատկապէս անկար մարդոց։

բ) Ս. Հոգիով լեցուն անձնաւորութիւն էր։ Ս. Հոգին քաջութիւն եւ համարձակութիւն կու տար անոր՝ Աւետարանը քարոզելու։

գ) Աստուածային իմաստութեամբ եւ աստուածաշնչական գիտելիքի տէր անձնաւորութիւն էր։ Գործք Առաքելոց գիրքի 7-րդ գլուխին մէջ անոր արտասանած քարոզը կը բացայայտէ սուրբին խոր ըմբռնումը Հին Կտակարանի եւ աստուածաշնչական գիտելիքներուն մասին։

դ) Աստուծոյ խօսքը տարածելու քաջութիւն ունեցող անձնաւորութիւն էր, համարձակ, բայց միաժամանակ խոնարհ։

ե) Քրիստոսի սիրոյն զոհուողն էր։ Ան, իր քրիստոնէական հաւատքին վրայ հաստատ մնալով՝ հալածանքի ենթարկուեցաւ եւ քարկոծուելով մահուան դատապարտուեցաւ, սակայն նոյնիսկ մահուան դիմաց հզօր քաջութիւն եւ ներողամտութիւն ցուցաբերեց իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով, երբ հոգին չաւանդած ներում խնդրեց զինք քարկոծողներուն համար։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները Ս. Ստեփանոսի վարքէն օրինակ առնելու, մեր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան պատրաստակամութիւնը քննելու, որպէսզի Տէրը մեզ Ս. Հոգիով լեցնէ եւ աստուածային իմաստութիւն պարգեւէ՝ համարձակօրէն տարածելու Տիրոջ խօսքը, որ սիրոյ եւ ներողամտութեան նամակն է Քրիստոսի եւ Աւետարանի ճամբով։

Սրբազան Հայրը հայցեց սուրբին բարեխօսութիւնը, մաղթելով, որ Տէրը աստուածային իմաստութեամբ համակէ բոլոր ղեկավարներն ու պատասխանատուները, որպէսզի Տէրը առաջնորդէ իրենց քայլերը երկրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։ 

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի մասունքը կրող խաչով օրհնեց հաւատացեալները։