image

Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը մասնակցեցաւ  Հռոմի Լեւոն Պապի երդմանկալութեան 

Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը մասնակցեցաւ  Հռոմի Լեւոն Պապի երդմանկալութեան 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, օրերս, Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապի գահակալութեան եւ պաշտօնի ձեռնարկման հանդիսութեան:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլsոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 18 Մայիս 2025, Կիրակի առաւօտ Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապի գահակալութեան եւ պաշտօնի ձեռնարկման հանդիսութեան:

Նորին Ամենապատուութիւնը 17 Մայիս, Շաբաթ, յետ միջօրէին, հանդիսութեան մասնակցելու համար մեկնեցաւ Հռոմ: Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ուղեկցէր Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան:

Նորին Ամենապատուութիւն Հռոմի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի կողմէ: Նոյն ժամերուն օդակայան հասան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպս. Դանիէլեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպս. Խաչերեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Կորիւն Եպս. Պաղտասարեան եւ Հոգշ. Տ. Աղան Վրդ. Կէօքճեան:

Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրասիրուեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթա հիւրանոցին մէջ:

Նոյն գիշեր Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը սիրոյ սեղանով հիւրասիրուեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի կողմէ:

Այսօր՝ 18 Մայիս 2025, Կիրակի առաւօտ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նորընտիր Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի «Հռոմի եպիսկոպոսի Պետրոսեան առաքելութեան սկիզբի արարողութիւն»ը, որուն յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունով մասնակցեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը: 

Ներկայ էին Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի գլխաւորութեամբ բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ երկիրներու թագաւորներ, թագուհիներ, նախագահներ:

Հանդիսութեան ընթացքին նորընտիր Ն.Ս.Տ.Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին յանձնուեցան պապական եմիփորոնն ու հովուական մատանին: Քարոզեց Սրբազան Պապը:

Յաւարտ Ս. Պատարագի հիւր եկեղեցականներ Պօղոս Զ. կեդրոնին մէջ հիւրասիրուեցան Եկեղեցիներու Միութեան Պապական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Քուրթ Քոխի կողմէ:

Նոյն երեկոյեան, մեր Հոգեւոր Պետը այցելեց Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Կաթոլիկ Վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորին Գերերջանկութիւն Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի կողմէ՝ Հրաշափառի արարողութեամբ:

Երկու հոգեւոր պետերու ողջագուրումէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, որուն մասնակցեցան երկու պատրիարքներու քով, Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամներ եւ Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի սաներ:

Մեր Հոգեւոր Պետը Աթոռ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ 20 Մայիս 2025, Երեքշաբթի: