image

Փաշինեան մասնակցեցաւ Մայիս 1-ի միջոցառման

Փաշինեան մասնակցեցաւ Մայիս 1-ի միջոցառման

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ մասնակցած է Աշխատանքի եւ աշխատողներու համերաշխութեան միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառման։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շրջած է Երեւանի Ամիրեան փողոցին վրայ, շփուած քաղաքացիներու հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց աշխատանքի համար։

Շրջայցի ընթացքին վարչապետին միացած են նաեւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը։

Միջոցառման շրջածիրէն ներս նախատեսուած է քայլերթ, որուն պիտի յաջորդէ համերգ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։