Օրերս մեծ յաջողութեամբ աւարտած է Պոլսոյ «Սահակեան-Նունեան» վարժարանի «Եւայլն» թատերախումբի հերթական խաղը։
Համայնքային շրջանակաց մէջ մեծ ոգեւորութեան պատճառ դարձած թատերախաղին մասին մանրամասնութիւններ հաղորդած է Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն, ուրկէ կը կարդանք՝
Օրեերս Սամաթիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի «Սմբատ Պըչաքճը» բեմի վրայ ի հանդէս եկան վարժարանի «Եւայլն» թատերախումբի սաները, որոնք ներկայացուցին երբեմնի Պոլսոյ «Պարտէզ» մանկապատենական հանդէսի հրատարակիչներէն, բանաստեղծ եւ արձակագիր՝ Ատրինէ Տատրեանի «Ամէն Մարդ Իր Շահը Ունի» թատերախաղը, որ վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին հինգ անգամ համայնքիս վարժարաններու տղոց համար ներկայացուած էր։
Հանդիսութեան ներկայ եղան Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան, Հոգշ. Յարութիւն Վարդապետը, գաւազանակիր Հոգշ. Գասպար Աբեղան, Արժ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Նուրհան Տավուլճեանն ու անդամներ, տնօրէնուհի՝ Տիանա Եըլանճըօղլու, Թաղային Խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, քոյր վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ համայնքիս արուեստասէր անդամներ։ Ասկէ զատ, իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուեցին նաեւ թատրոնի աշխարհի նուիրեալներ Պերճուհի Պէրպէրեան, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Մարմարա օրաթերթի նախկին փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, սիրուած ասմունքողուհի Սիլվա Կոմիկեան
Թատերախաղը սկսաւ անխօս, դագաղի մը դերակատարներու կողմէ ձեռամբարձ սրահ մուտքով, ուր կը շեշտուէր թէ կեանքի մէջ ամէն մարդ դրամի ետեւէն կը վազէ, սակայն ի վերջոյ իր ամէն ինչէն պիտի հրաժարի եւ դագաղի մը մէջ հող պիտի դառնայ։ Խաղը կ'անցնէր ատամնաբոյժ Պարգեւի դարմանատան մէջ։ Դերասանները կը ներկայացնէին ասպարէզի տէր պատուաւոր մարդիկ ինչպէս՝ ատամնաբոյժ, փաստաբան, ճարտարապետ, կազմակերպիչ, բայց բոլորն ալ նիւթապաշտ եւ շահասէր անձեր էին եւ իրենց գլխաւոր նպատակն էր զիրար խաբել եւ իրարմէ դրամ շորթել։
Խաղի բեմադրիչ՝ Եղիա Ագկիւն դերասաններու տարազները որոշած էր գլխաւոր երկու գոյներով՝ սեւ եւ ճերմակ։ Դերակատարներու մեծ մասը հագած էին սեւը, որոնք կը ներկայացնէին շահամոլ անձերը, իսկ միմիայն երկու հոգի հագած էր ճերմակ, որոնցմէ մին գաղափարապաշտ ուսուցիչ՝ Պր. Շնորհեանն էր եւ միւսը պարկեշտ, ազգասէր ու աշխատասէր աղջիկ՝ Շէհրանը. այս վերջինը կ'ուզէր իր նկարագրին յարմար ամուսին մը գտնել։ Շահատենչ սեւազգեստ ընկերները Շէհրանին կը յանձնարարէին ամուսնանալ հարուստ եւ մեծ կալուածի մը ժառանգորդ, ճաղատ Մարկոս Կորկոտեանի հետ, բայց ան կը մերժէր եւ որոշած էր ամուսնանալ Պր. Շնորհեանի հետ։
Թէ՛ ծիծաղելի եւ թէ յուզիչ տեսարաններով լի այս թատերախաղը ուժգին ծախահարութիւններով գնահատուեցաւ հանդիսատեսներու կողմէ, որոնք լեցուցած էին սրահը։ Հանդիսութեան աւարտին՝ տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու շեշտեց թէ թատրոնի շնորհիւ տղաքը իրենց բառամթերքը կը ճոխացնեն, ընկերային յարաբերութիւնները կը զօրացնեն եւ արուեստի ճաշակ կը ստանան։
«Եւայլն« թատերախումբը հիմնուած է անցեալ տարի իրենց վարժարանին մէջ լիսէի տղոց մասնակցութեամբ, որուն բեմադրիչն է «Յանկարծ» թատերախումբի անդամ Եղիա Ագկիւն։ Տարի մը առաջ ներկայացուած էր «Պաղտասար Աղբար» թատերախաղը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած էր տղոց եւ հանդիսատեսներու կողմէ, տղաքը խրախուած էին։
Ան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց յարգելի բեմադրիչին եւ նաեւ վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Լիանա Պէնլիի, որոնք տղոց փորձերուն հսկած եւ ճիշդ առոգանութեան աշխատանք տարած էին։ Բեմայարդարումը կատարած էր վարժարանի համակիր՝ Ֆիլոր Ուլուք, մեծ ճաշակով։
Պատրիարք Հայրը իր հուսկ բանքին մէջ գնահատեց դերակատար սաները եւ իրենց առաջնորդող անձերը, որոնք հայախօսութեան կը մղէին տղաքը եւ արուեստի ճաշակով կ'օժտէին։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հրաչեայ Աճառեան սրահի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ մը, ուր ներկաները ունկնդրելով հայկական մեղմ երաժշտութիւն մը շնորհաւորեցին դերակատար սաները եւ իրենց ուսուցիչները։
***
Դերակատարներն էին՝ Երջան Գիրոյեան, Ալեքս Ճէրէեան, Ինեսա Եըլմազ, Լորին Թօփարլաք, Լարա Թռչունեան, Օլիվիա Աչըքկէօզ, Հենա Տէմիրճի, Ժուլիանա Վուրալ, Սեդրակ Էօզտողան, Թայիս Տողանճըօղլու, Միքայէլ Յովհաննէսեան։ Բեմայարմարման համար Ֆիլոր Ուլուքին օգնած են աշակերտները, աշակերտներու խումբ մըն ալ՝ Լիանա Պաքըր, Նարօտ Արզուման, Ալիսա Տուման, Տենչա Ռէիսեան օգնական եղած են՝ Առլին Էօզտէմիրին, շպարի համար, լոյսի եւ ձայնի ձեւաւորումը կատարած են Անտրէաս Պարսամօղլու եւ Ռուտի Ալկան, բեմադրիչի օգնականն է Մարիամ Էօքսիւն։