image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Սուրբ Խաչ վարժարանի վարչականները Պատրիարքին հիւր

Պոլսոյ մէջ. Սուրբ Խաչ վարժարանի վարչականները Պատրիարքին հիւր

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, օրերս, ընդունած է այցելութիւնը Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքի՝ խնամակալութեան, սանուց միութեան, տնօրէնութեան ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան։

Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ տուած են Ս. Խաչ Դպրեվանք Լիսէի եւ իրենց աշխատանքներու ու ծրագիրներու մասին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճիի եւ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի կացութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը երախտիքով վերյիշեց Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանը, որու տեսիլքով այսօր կը շարունակուի Ս. Խաչ դպրեվանքի առաքելութիւնը։ Ան մաղթեց յարատեւութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ։

Վարչայինները Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին՝ մասնակցիլ ներկայ կրթական շրջանի աւարտին նախատեսուած շրջանաւարտութեան հանդիսութեան։