image

Պոլսոյ մէջ. «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞» ժապաւէնի ցուցադրութիւն

Պոլսոյ մէջ. «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞» ժապաւէնի ցուցադրութիւն

Օրերս, Պէյօղլուի շարժանկարի սրահին մէջ ցուցադրուած է բեմադրիչ Ռենա-Լուսին Պիթմէզի «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞» ժապաւէնը, որ տարիներ առաջ մեծ ընդունելութիւն գտած էր շարժանկարի սիրահարներուն կողմէ։

Նշեալ վաւերագրական շարժանկարի հերոսները հայաստանցի գաղթական ընտանիքներն են, որոնք տնտեսական պատճառներով առժամաբար Թուրքիոյ մէջ հաստատուած էին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետութեան ենթակայութեան ներքեւ կը գործէ «Մշակոյթ» կոչուած ընկերութիւն մը՝ միջոցառումներ կազմակերպելու, ցուցադրութիւններ սարքելու եւ քաղաքի բնակչութեան եւ մշակոյթի հետ կապը արթուն պահելու նպատակով։

Երեքշաբթի օրերը յատկացուած են վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութեան։ Այս գծով, երէկ գիշեր, Պէյօղլուի շարժանկարի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ բեմադրիչ Ռենա-Լուսին Պիթմէզի «Մայրի՛կ, Աստուած գաղթական տղաքը կը սիրէ՞» ժապաւէնը, որ տարիներ առաջ մեծ ընդունելութիւն գտած էր շարժանկարի սիրահարներուն կողմէ։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան համալսարանական ուսանողներ, ակադեմականներ ու բեմադրիչներ, նաեւ աշակերտներ ու «Հրանդ Տինք» վարժարանի ուսուցիչները։

Շարժանկարի ցուցադրութենէն ետք սարքուեցաւ հրապարակային ասուլիս մը եւ ներկաներ առիթն ունեցան հարցումներ ուղղելու բեմադրիչ Ռենա-Լուսինին եւ Ագտէնիզ համալսարանի շարժանկարի ու հեռատեսիլի մասնաճիւղի նախագահ Փրօֆ. Էմինէ Ուչար-Իլպուղայի, գլխաւոր դերակատարուհի Ռուզաննա Պապայեանի հետ։

Ռենա պատմեց որ իր շարժանկարի հերոսները հայաստանցի գաղթական ընտանիքներն են, որոնք տնտեսական պատճառներով առժամաբար Թուրքիոյ մէջ հաստատուած էին։ Շարժանկարի պատրաստութիւնը ութ տարի տեւած էր, ինք մէկուկէս տարի ապրած էր հայաստանցիներու հետ անոնց կեանքին, առօրեային հետեւելու համար, որովհետեւ իր նկարահանածը պարզ ժապաւէն մը չէ, այլ հայ գաղթական ընտանիքներու վաւերագրութիւն մը։ «Թէեւ յաճախ մարդիկ իրարու հետ կը շփոթեն գաղթականներն ու փախստականները, բայց այս երկուքի կարգավիճակը տարբեր է, որովհետեւ երկրորդը քաղաքական պատճառներով բնակութեան վայր՝ երկիր մը լքելու ստիպողութիւնն է եւ դարձեալ հոն վերադառնալու անկարելիութիւնը», շեշտեց Ռենա, յայտնելով որ երկրորդ ժապաւէնը պիտի նկարահանէ տասը տարի յետոյ, երբ տղոց ճակատագիրը փոխուած պիտի ըլլայ։