image

Պոլսոյ մէջ. Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան դարմանման փուլ մը պիտի անցընէ

 Պոլսոյ մէջ. Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան դարմանման փուլ մը պիտի անցընէ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Հայոց Միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան օրերս փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր  դարմանման փուլ մը պիտի անցընէ։ 

Ասոր մասին կը կարդանք  Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»ի էջէրէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.

 

Ցաւով տեղեկացանք, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն դարմանումի տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը վերջերս բացակայած է քաղաքէս ու վերադարձին անհանգստութիւն զգալով՝ դիմած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Ան ենթարկուած է շարք կը քննութիւններու, որոնց արդիւնքով պարզուած է, թէ իր անհանգստութեան պատճառները մտահոգիչ բնոյթ չունին։ Յամենայնդէպս, մասնագէտները յարմար դատած են, որ Նորին Սրբազնութիւնը միջոց մը բժշկական խնամքի տակ մնայ։ Այս օրերուն մասնագէտներ ամենայն պատշաճութեամբ կը հետեւին Նորին Սրբազնութեան առողջութեան ընթացքին։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ, վարչական անձնակազմն ալ ջերմ վերաբերմունքով կը ջանայ Նորին Սրբազնութեան տրամադրութիւնը բարձր պահել։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ երէկ երեկոյեան հեռաձայնով կապ հաստատած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որուն մաղթած է արագ ապաքինում։