Օրերս Պոլսոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Պոլսոյ հայ միաբանութեան երէց միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Աթէշեանի նշուած է Միջինքը։
Կրօնական գլխաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գում Գաբուի Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակէ»էն որ այս առթիւ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսատեպեց Մեծ պահքի շրջանի Միջինքին։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան ու քահանայ հայրեր եւ ժառանգաւոր սաներ, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի։
Ժամերգութեան աւարտին ծնկաչոք երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, թաղային խորհուրդին կողմէ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ Պահքի սիրոյ սեղան։